Вход на сайт

Просмотр новости

Найдите то, что Вас интересует

ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԵՌՕՐԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ

Дата публикации: 20-10-2026 09:53:00

Վենետիկի Ս. Ղազար Մխիթարեան Մայրավանքը այս օրերուն կը հանդիսանայ հայագիտական եւ մշակութային կարեւոր հաւաքի մը կեդրոնը։ Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակին առիթով, 19-21 Հոկտեմբերին կը կազմակերպուի…

Основное содержимое страницы с новостью.

Վենետիկի Ս. Ղազար Մխիթարեան Մայրավանքը այս օրերուն կը հանդիսանայ հայագիտական եւ մշակութային կարեւոր հաւաքի մը կեդրոնը։ Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակին առիթով, 19-21 Հոկտեմբերին կը կազմակերպուի միջազգային եռօրեայ գիտաժողով մը, որուն կը մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած հայագէտներ, պատմաբաններ, գրականագէտներ եւ գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։

Այս գիտաժողովը առիթ է վերարժեւորելու մեծանուն հիմնադիրին ժառանգութիւնը եւ Մխիթարեան Միաբանութեան դարաւոր ծառայութիւնը հայ լեզուին, գրականութեան, պատմագիտութեան ու մշակոյթին։ Վենետիկի Ս. Ղազար Մայրավանքը, որ շուրջ երեք դարերէ ի վեր կը շարունակէ իր հայագիտական առաքելութիւնը, այս գիտաժողովով անգամ մը եւս կը համախմբէ գիտնականներ ու մտաւորականներ, որոնք կը զբաղին հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ։

Գիտաժողովին բացումը կատարուեցաւ երէկ՝ 19 Հոկտեմբերին։ Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին Մխիթար Աբբահօր անձնական իրերուն, ձեռագիր փաստաթուղթերուն եւ հեղինակած գիրքերուն ցուցադրութեան բացումը, ինչպէս նաեւ Հ. Արսէն Բագրատունիի աշխատասիրած «Աստուածաշունչ մատեան»ի վերահրատարակութեան շնորհանդէսը։ Բացման հանդիսութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ գիտաժողովին լիագումար բանախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ անդրադառնալով Մխիթար Աբբահօր հոգեւոր, մտաւորական եւ մշակութային ժառանգութեան։

Այսօր՝ 20 Հոկտեմբերին, գիտաժողովը կը շարունակուի մասնագիտական զեկուցումներով, որոնք կ’ընդգրկեն Մխիթար Աբբահօր գործունէութեան եւ Մխիթարեան Միաբանութեան պատմութեան տարբեր երեսակները։ Քննարկումներու առանցքի վրայ կը գտնուին Մխիթար Աբբահօր հոգեւոր եւ կրթական գաղափարները, հայագիտութեան զարգացման մէջ անոր ներդրումը, ինչպէս նաեւ Մխիթարեաններու գրական, լեզուաբանական եւ հրատարակչական գործունէութիւնը։

Օրուան առաջին նիստին նախատեսուած են զեկուցումներ՝ նուիրուած 1670-1720 թուականներու պատմական իրադարձութիւններուն եւ անոնց առնչութեան Մխիթար Սեբաստացիի գործունէութեան հետ։

Յետմիջօրէի նիստերուն ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան Մխիթարեան Միաբանութեան գրական եւ թարգմանչական աւանդութիւնները, Մխիթար Աբբահօր կրթական հայեցակարգը եւ անոր թողած ազդեցութիւնը յաջորդ սերունդներուն վրայ։

Գիտաժողովը պիտի շարունակուի վաղը՝ 21 Հոկտեմբերին, նոր զեկուցումներով:

https://www.facebook.com/photo/?fbid=1032671893126224&set=a.135021036224652

https://www.normarmara.com/201026lu.html

Схожие новости

#Наименование новостиТональностьИнформативностьДата публикации
1ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ06.3121-10-2026
2ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ06.4922-10-2026
3ՊՕՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ012.526-10-2026
4ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ 35ԱՄԵԱԿԻՆ011.6822-10-2026
5ՄԱՀ՝ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԴԷՄՔԵՐԷՆ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ015.4422-10-2026
6ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ Ի ՊԱՏԻՒ ՀՌՈՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ06.8726-10-2026
7Пашинян 5 октября посетил Нагорный Карабах0006-10-2020
8В Совфеде открылась выставка "В России часть моей души" к 100-летию Гейдара Алиева0015-05-2023
9Медведев посетит Гавану в октябре0024-07-2019

Классификация: Культура. Схожих патентов: 0. Схожих новостей: 9. Тональность: 0. Информативность: 7.35. Источник: hyetert.org.